2013-01-16 12:29:24

Չինաստանի Շանքսի Թեմի Աւագ Դպրեվանքը Պարտադրուած Է Փակել Իր Դռները` Տեղական Իշխանութեան Ու Եպիսկոպոսներու Փախումի Հետեւանքով։


Հիւսիսային Չինաստանի Շանքսի թեմի աւագ դպրեվանքը փակ կը մնայ երկու տարուայ համար, յայտարարած է գերապայծառ Ճոն Էուօ Շէնկ, մատնանշելով որ այս որոշումը առնուած է թեմի եպիսկոպոսներէն որպէս հետեւանք Եկեղեցւոյ ու տեղական իշխանութեան միջեւ ծագած հակառակութիւններուն։
Արդարեւ մարզի համայնավար կուսակցութիւնը ուզած է պարտադրել իր կամքը նշանակելով ազգային եկեղեցւոյ պատկան հայր Թոնկցի որպէս մեծաւորը նորընծայարանի։ Եպիսկոպոսները իրենց կարգին նախընտրեցին երկու տարուայ համար փակ պահել նորընծայարանը։ Դպրեվանքը ներկայիս ունէր 28 ժառանգաւորներ, որոնցմէ 11-ը այս տարին իրենց ուսումը կ'աւարտեն. Միւս 17 ժառանգաւորները այլ նորընծայարաններ պիտի յաճախեն։ Համայնավար կառավարութիւնը իր այս որոշումով կ'ուզէ հսկել ապագայ քահանաներուն կազմաւորումին վրայ։ջ ու փակելով երկրի դպրեվանքերը կը ծրագրէ քահանայութեան թեկնածուներու կազմաւորումը համայնավար կառավարութեան հսկողութեան տակ առնել։ Նշենք որ երկու շաբաթ առաջ, Շանկայի մէջ եւս երկու աւագ դպրեվանքեր փակուեցան Փեքինի կառավարութեան կամքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.